1 ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐ 3
Armenian (Western): NT
1Ուստի, չկարենալով ա՛լ աւելի դիմանալ, յօժարեցանք առանձին մնալ Աթէնք, 2եւ ղրկեցինք Տիմոթէո՛սը - մեր եղբայրը, Աստուծոյ սպասարկուն ու մեր գործակիցը Քրիստոսի աւետարանին մէջ -, ամրացնելու ձեզ եւ յորդորելու ձեր հաւատքին մէջ. 3որպէսզի այս տառապանքներուն մէջ ձեզմէ ո՛չ մէկը խախտի, որովհետեւ դուք ձեզմէ գիտէք թէ մենք սահմանուած ենք ատոնց համար: 4Քանի որ երբ մենք ձեր քով էինք, կանխաւ կ՚ըսէինք ձեզի թէ տառապանքներ պիտի կրենք, ինչպէս եղաւ ալ ու դուք գիտէք: 5Հետեւաբար ես ալ, չկարենալով աւելի դիմանալ, մարդ ղրկեցի՝ գիտնալու ձեր հաւատքը, թէ արդեօք Փորձիչը փորձա՛ծ է ձեզ, ու մեր աշխատանքը ընդունայն եղա՛ծ է:

6Բայց հիմա Տիմոթէոս ձեզմէ եկաւ մեզի եւ ձեր հաւատքին ու սիրոյն աւետիսը տուաւ մեզի, եւ ըսաւ թէ ամէն ատեն լաւ յիշատակ ունիք մեզմէ՝ տենչալով տեսնել մեզ, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ: 7Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր մասին մխիթարուեցանք մեր բոլոր տառապանքներուն ու հարկադրանքներուն մէջ՝ ձեր հաւատքով. 8որովհետեւ հիմա մենք կ՚ապրինք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով: 9Քանի որ ի՞նչպէս կրնանք շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, այն ամբողջ ուրախութեան համար՝ որ ձեր պատճառով կ՚ուրախացնէ մեզ մեր Աստուծոյն առջեւ. 10գիշեր ու ցերեկ չափազանց կ՚աղերսենք, որպէսզի տեսնենք ձեր երեսը եւ լրացնենք ինչ որ կը պակսի ձեր հաւատքին:

11Նոյնինքն Աստուած՝ մեր Հայրը, ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թող ուղղեն մեր ճամբան դէպի ձեզ: 12Տէրը թող աճեցնէ եւ առատացնէ ձեր սէրը իրարու հանդէպ ու բոլորին հանդէպ, ինչպէս մենք ունինք ձեզի հանդէպ, 13որպէսզի ամրացնէ ձեր սիրտերը՝ սրբութեան մէջ անմեղադրելի ըլլալու Աստուծոյ եւ մեր Հօր առջեւ, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին ատենը՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

1 Thessalonians 2
Top of Page
Top of Page