ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐԻՆ 6
Armenian (Western): NT
1Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըսենք. արդեօք յարատեւե՞նք մեղքի մէջ՝ որպէսզի շնորհքը աւելնայ: 2Ամե՛նեւին: Մենք՝ որ մեռած ենք մեղքին հանդէպ, ի՞նչպէս տակաւին ապրինք անոր մէջ: 3Չէ՞ք գիտեր թէ մենք բոլորս՝ որ մկրտուեցանք Յիսուս Քրիստոսով, մկրտուեցանք անոր մահո՛վ: 4Ուրեմն անոր հետ թաղուեցանք մկրտութեամբ՝ մահուան համար. որպէսզի ինչպէս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ Հօրը փառքով, այնպէս ալ մենք ընթանանք նոր կեանքի մէջ: 5Որովհետեւ եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուան նմանութեամբ, նաեւ կցորդ պիտի ըլլանք անոր յարութեան նմանութեամբ: 6Սա՛ գիտնանք՝ թէ մեր հին մարդը խաչուեցաւ անոր հետ, որ մեղքի մարմինը ոչնչանայ, որպէսզի այլեւս մեղքին ստրուկը չըլլանք: 7Որովհետեւ ա՛ն որ մեռած է մեղքին, արդարացած է մեղքէն:

8Ուրեմն եթէ մենք մեռանք Քրիստոսի հետ, կը հաւատանք թէ պիտի ապրինք ալ անոր հետ: 9Քանի որ գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ այլեւս չի մեռնիր. ա՛լ մահը չի տիրեր անոր վրայ: 10Որովհետեւ երբ ան մեռաւ, մեղքի՛ համար մեռաւ՝ մէ՛կ անգամ ընդմիշտ, եւ հիմա որ կ՚ապրի՝ Աստուծո՛յ համար կ՚ապրի: 11Նոյնպէս դուք ձեզ մեռա՛ծ սեպեցէք մեղքին, բայց ողջ՝ Աստուծոյ, մեր Տէրոջ՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով:

12Ուրեմն ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմինին վրայ, որ հնազանդիք անոր ցանկութիւններուն. 13ու ձեր մարմինին անդամները մի՛ յանձնէք մեղքին՝ անիրաւութեան գործիք ըլլալու: Հապա դուք ձեզ ընծայեցէ՛ք Աստուծոյ՝ որպէս մեռելներէն վերապրողներ, եւ ձեր անդամները ընծայեցէ՛ք Աստուծոյ՝ իբր արդարութեան գործիքներ: 14Արդարեւ մեղքը պիտի չիշխէ ձեր վրայ. որովհետեւ ո՛չ թէ Օրէնքի տակ էք, հապա՝ շնորհքի տակ:

15Ուրեմն ի՞նչ. մեղանչե՞նք, քանի որ Օրէնքի տակ չենք, հապա՝ շնորհքի տակ: Ամե՛նեւին: 16Չէ՞ք գիտեր թէ որո՛ւն որ դուք ձեզ իբր ստրուկ յանձնէք՝ հնազանդելու համար, ստրուկ կ՚ըլլաք անոր՝ որուն կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքին՝ որ կ՚առաջնորդէ մահուան, եւ թէ հնազանդութեան՝ որ կ՚առաջնորդէ արդարութեան: 17Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ մեղքին ստրուկ ըլլալէ ետք՝ սրտանց հնազանդեցաք այն ուսուցումի տիպարին՝ որ աւանդուեցաւ ձեզի: 18Ուստի դուք՝ ազատած ըլլալով մեղքէն՝ ստրուկ եղաք արդարութեա՛ն. 19(մարդկային կերպով կը խօսիմ՝ ձեր մարմինին տկարութեան պատճառով.) քանի որ ինչպէս յանձնեցիք ձեր անդամները անօրէնութեան՝ ստրուկ ըլլալու անմաքրութեան եւ անօրէնութեան, այնպէս ալ հիմա ընծայեցէ՛ք ձեր անդամները սրբութեան՝ ստրուկ ըլլալու արդարութեան:

20Որովհետեւ երբ դուք ստրուկ էիք մեղքին՝ ազատ էիք արդարութենէն: 21Ուրեմն այն ատեն ի՞նչ պտուղ ունէիք այն բաներէն՝ որոնց համար հիմա կ՚ամչնաք. որովհետեւ անոնց վախճանը մահ է: 22Իսկ հիմա, մեղքէն ազատած եւ Աստուծոյ ստրուկ եղած ըլլալով, ձեր պտուղը ունիք՝ սրբութեամբ, ու վախճանը՝ յաւիտենական կեանքը: 23Որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, բայց Աստուծոյ շնորհը՝ յաւիտենական կեանք է, Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Տէրոջ միջոցով:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Romans 5
Top of Page
Top of Page