ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 16
Armenian (Western): NT
1Յետոյ հասաւ Դերբէ ու Լիւստրա: Եւ ահա՛ աշակերտ մը կար հոն՝ Տիմոթէոս անունով, որ որդին էր հաւատացեալ հրեայ կնոջ մը, իսկ հայրը Յոյն էր: 2Ան բարի վկայուած էր նաեւ Լիւստրայի եւ Իկոնիայի եղբայրներէն: 3Պօղոս ուզեց որ ան երթայ իրեն հետ. ուստի առաւ ու թլփատեց զայն՝ այնտեղ եղող Հրեաներուն պատճառով, որովհետեւ բոլորն ալ գիտէին թէ անոր հայրը Յոյն էր: 4Երբ կ՚անցնէին քաղաքներէն, կ՚աւանդէին անոնց Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն պատուիրուած հրամանները, որպէսզի պահեն: 5Եկեղեցիներն ալ կ՚ամրանային հաւատքի մէջ, եւ անոնց թիւը կը բազմանար օրէ օր:

6Երբ շրջեցան Փռիւգիա ու Գաղատիայի երկիրը, Սուրբ Հոգին արգիլեց քարոզել Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ: 7Հասնելով Միւսիայի կողմերը՝ կը փորձէին երթալ դէպի Բիւթանիա. բայց (Յիսուսի) Հոգին չթոյլատրեց անոնց: 8Ուստի՝ անցնելով Միւսիայի քովէն՝ իջան Տրովադա: 9Հոն՝ գիշերը տեսիլք մը երեւցաւ Պօղոսի. Մակեդոնացի մը կայնած էր ու կ՚աղաչէր իրեն՝ ըսելով. «Անցի՛ր Մակեդոնիա եւ օգնէ՛ մեզի»: 10Երբ տեսաւ այդ տեսիլքը՝ իսկոյն ջանացինք մեկնիլ Մակեդոնիա, եզրակացնելով թէ Տէրը կը կանչէ մեզ անոնց աւետարանելու:

11Ուստի Տրովադայէն նաւարկելով՝ ուղիղ ընթացքով գացինք Սամոթրակէ, ու հետեւեալ օրը՝ Նէապոլիս. 12անկէ ալ՝ Փիլիպպէ, որ Մակեդոնիայի մէկ մասին գլխաւոր քաղաքն է, նաեւ՝ գաղութ: Քանի մը օր կեցանք այդ քաղաքին մէջ: 13Շաբաթ օրը դուրս ելանք քաղաքէն՝ գետեզերքը, ուր սովորութիւն ունէին աղօթելու. նստանք եւ խօսեցանք համախմբուած կիներուն:

14Աստուածապաշտ կին մը՝ Լիդիա անունով, որ ծիրանավաճառ էր՝ Թիւատիր քաղաքէն, մտիկ կ՚ընէր. Տէրը բացաւ անոր սիրտը՝ որ ուշադիր ըլլայ Պօղոսի ըսածներուն: 15Երբ ինք եւ իր ընտանիքը մկրտուեցան, աղաչեց՝ ըսելով. «Եթէ Տէրոջ հաւատարիմ կը սեպէք զիս, իմ տո՛ւնս մտէք ու հո՛ն մնացէք»: Եւ ստիպելով՝ տարաւ մեզ:

16Մինչ աղօթքի կ՚երթայինք, մեզի հանդիպեցաւ աղախին մը՝ որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութեամբ շատ վաստակ կը բերէր իր տէրերուն: 17Ասիկա կը հետեւէր Պօղոսի ու մեզի, եւ կ՚աղաղակէր. «Այս մարդիկը Ամենաբարձր Աստուծոյ ծառաներն են, ու կը քարոզեն մեզի փրկութեան ճամբան»: 18Շատ օրեր կ՚ընէր այս բանը. Պօղոս ալ՝ նեղանալով՝ դարձաւ եւ ըսաւ այդ ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսի անունով կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ»: Ու նոյն ժամուն ելաւ:

19Երբ անոր տէրերը տեսան թէ իրենց վաստակին յոյսը գնաց, բռնեցին Պօղոսը եւ Շիղան, ու քաշեցին հրապարակը՝ պետերուն առջեւ: 20Ապա տարին զանոնք մեծաւորներուն քով եւ ըսին. «Այս մարդիկը՝ որ Հրեայ են, իրար կ՚անցընեն մեր քաղաքը, 21ու կը քարոզեն այնպիսի սովորութիւններ՝ որ արտօնուած չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ գործադրել, որովհետեւ Հռոմայեցի ենք»:

22Բազմութիւնը խռնուեցաւ անոնց շուրջ. մեծաւորներն ալ բռնութեամբ հանեցին անոնց հանդերձները, եւ հրամայեցին խարազանել զանոնք: 23Շատ հարուածներ տալէ ետք անոնց՝ բանտը նետեցին զանոնք, պատուիրելով բանտապահին՝ որ ապահովութեամբ պահէ զանոնք: 24Ան ալ՝ այսպիսի պատուէր ստանալով՝ ներսի բանտը նետեց զանոնք, ու կոճղի մէջ ամրացուց անոնց ոտքերը:

25Կէս գիշերին՝ Պօղոս եւ Շիղա կ՚աղօթէին ու կ՚օրհներգէին Աստուծոյ. բանտարկեալներն ալ մտիկ կ՚ընէին անոնց: 26Յանկարծ հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սարսեցան. անմի՛ջապէս բոլոր դռները բացուեցան եւ բոլորին կապերը քակուեցան: 27Բանտապահը, երբ արթնցաւ ու բացուած տեսաւ բանտին դռները, քաշեց սուրը եւ պիտի սպաննէր ինքզինք, կարծելով թէ բանտարկեալները փախած են: 28Բայց Պօղոս բարձրաձայն գոչեց. «Մի՛ վնասեր դուն քեզի, որովհետեւ բոլորս ալ հոս ենք»: 29Ան ալ՝ ճրագ մը ուզելով՝ վազեց ներս, դողալով ինկաւ Պօղոսի եւ Շիղայի առջեւ, 30ու դուրս բերելով զանոնք՝ ըսաւ. «Տէրե՛ր, ի՞նչ պէտք է ընեմ՝ որ փրկուիմ»:

31Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ու պիտի փրկուիս, դուն եւ տունդ»: 32Ու Տէրոջ խօսքը քարոզեցին անոր եւ բոլոր անոնց՝ որ անոր տան մէջ էին: 33Ինք ալ՝ գիշերուան նոյն ժամուն՝ առաւ զանոնք, լուաց անոնց վէրքերը եւ անմի՛ջապէս մկրտուեցաւ, ինք ու բոլոր իրենները: 34Ապա իր տունը տանելով զանոնք՝ սեղան դրաւ անոնց առջեւ, եւ ցնծաց ամբողջ ընտանիքով՝ հաւատալով Աստուծոյ:

35Երբ առտու եղաւ, մեծաւորները յիսնապետներ ղրկեցին եւ ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»: 36Բանտապահն ալ հաղորդեց Պօղոսի այդ խօսքերը՝ ըսելով. «Մեծաւորները մարդ ղրկեցին՝ որ արձակուիք. ուստի հիմա դո՛ւրս ելէք ու մեկնեցէ՛ք խաղաղութեամբ»: 37Բայց Պօղոս ըսաւ անոնց. «Թէպէտ չդատապարտուած Հռոմայեցիներ ենք, հրապարակաւ ծեծելով մեզ՝ բանտը նետեցին, եւ հիմա ծածկաբա՞ր կը հանեն մեզ: Ո՛չ այդպէս, հապա իրե՛նք թող գան ու դուրս տանին մեզ»: 38Յիսնապետները մեծաւորներուն հաղորդեցին այս խօսքերը: Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռոմայեցի են՝ վախցան, ու եկան, աղաչեցին անոնց, 39եւ դուրս հանելով՝ կը թախանձէին որ մեկնին այդ քաղաքէն: 40Անոնք ալ ելան բանտէն ու մտան Լիդիայի տունը, եւ տեսնելով եղբայրները՝ յորդորեցին զանոնք ու մեկնեցան:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Acts 15
Top of Page
Top of Page