ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 25
Armenian (Western): NT
1Երբ Փեստոս հասաւ իր իշխանութեան գաւառը, երեք օր ետք բարձրացաւ Կեսարիայէն Երուսաղէմ: 2Քահանայապետն ու Հրեաներուն գլխաւորներն ալ յայտնեցին անոր իրենց ամբաստանութիւնը՝ Պօղոսի դէմ, 3եւ աղաչեցին իրեն ու շնորհք խնդրեցին անոր դէմ՝ որ Երուսաղէմ կանչէ զայն. մինչ իրենք դարան կը պատրաստէին՝ ճամբան սպաննելու համար զայն: 4Սակայն Փեստոս պատասխանեց թէ Պօղոս պահուելու էր Կեսարիա, եւ թէ ինք շուտով պիտի մեկնէր հոն: 5Ուստի ըսաւ. «Ձեզմէ անոնք որ կարող են՝ թող իջնեն ինծի հետ, ու եթէ յանցանք մը կայ այդ մարդուն վրայ՝ թող ամբաստանեն զինք»:

6Հոն ութ կամ տասը օրէ աւելի չկեցաւ՝՝, յետոյ իջաւ Կեսարիա. հետեւեալ օրը դատարանը բազմեցաւ եւ հրամայեց որ բերեն Պօղոսը: 7Երբ ան եկաւ, Երուսաղէմէն իջնող Հրեաները անոր շուրջը կայնեցան ու Պօղոսի վրայ բարդեցին բազմաթիւ եւ ծանր ամբաստանութիւններ, որ չէին կրնար ապացուցանել: 8Արդարեւ Պօղոս կը ջատագովէր ինքզինք՝ ըսելով. «Ես ո՛չ Հրեաներու Օրէնքին, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ալ կայսրին դէմ մեղանչած եմ»: 9Բայց Փեստոս, ուզելով Հրեաներուն շնորհք ընել, պատասխանեց Պօղոսի. «Կ՚ուզե՞ս բարձրանալ Երուսաղէմ ու հոն դատուիլ իմ առջեւս՝ այդ բաներուն համար»: 10Պօղոս ալ ըսաւ. «Կայսրին դատարանը կայնած եմ, ուր պէտք է դատուիմ: Հրեաները անիրաւած չեմ, ինչպէս դուն ալ լաւ գիտես: 11Արդարեւ եթէ անիրաւած եմ կամ ըրած եմ մահուան արժանի բան մը, չեմ մերժեր մեռնիլ: Բայց եթէ իմ վրաս ո՛չ մէկը կայ այն բաներէն՝ որոնց համար ասոնք կ՚ամբաստանեն զիս, ո՛չ մէկը կրնայ յանձնել զիս ատոնց: Կայսրի՛ն կը բողոքեմ»: 12Այն ատեն Փեստոս՝ խօսակցելէ ետք խորհրդականներուն հետ՝ պատասխանեց. «Կայսրի՛ն բողոքեցիր. կայսրի՛ն պիտի երթաս»:

13Քանի մը օր անցնելէ ետք, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէ եկան Կեսարիա՝ բարեւելու Փեստոսը: 14Երբ շատ օրեր մնացին հոն, Փեստոս ներկայացուց թագաւորին Պօղոսի պարագան՝ ըսելով. «Հոս մարդ մը կայ՝ որ Փելիքս բանտարկուած ձգած է: 15Երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն երէցները յայտնեցին ինծի իրենց ամբաստանութիւնը, դատապարտութեան վճիռ խնդրելով անոր դէմ: 16Անոնց պատասխանեցի թէ Հռոմայեցիներուն սովորութիւնը չէ մահուան մատնել մարդ մը, մինչեւ որ ամբաստանեալը իր դիմաց չունենայ ամբաստանողները, եւ պատեհութիւն չտրուի իրեն՝ ջատագովելու ինքզինք այդ յանցանքին դէմ: 17Ուստի երբ անոնք համախմբուեցան հոս, առանց որեւէ յետաձգումի՝ հետեւեալ օրը դատարանը բազմելով հրամայեցի որ բերեն մարդը: 18Անոր ամբաստանողներն ալ ներկայանալով՝ իմ ենթադրած ամբաստանութիւններէս ո՛չ մէկը յառաջ բերին. 19Հապա անոր հետ ունէին քանի մը հարցեր՝ իրենց կրօնին վերաբերեալ, ու Յիսուս անունով մեռածի մը մասին, որուն համար Պօղոս կը հաւաստէր թէ ողջ է: 20Մինչ կը վարանէի այսպիսի հարցերու քննութեան համար, ըսի իրեն թէ կ՚ուզէ՛ր երթալ Երուսաղէմ եւ հո՛ն դատուիլ այս բաներուն համար: 21Բայց երբ Պօղոս բողոքեց որ վերապահուի՝ Օգոստափառ կայսրին դիմաց ելլելու, հրամայեցի որ պահեն զինք՝ մինչեւ որ ղրկեմ կայսրին»: 22Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսի. «Ե՛ս ալ կ՚ուզէի մտիկ ընել այդ մարդուն»: Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ՚ընես»:

23Հետեւեալ օրը, երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ եկան մեծ հանդէսով եւ մտան ունկնդրութեան տեղը՝ հազարապետներուն ու քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս հրամայեց որ Պօղոսը բերուի: 24Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս թագաւոր, եւ դո՛ւք ալ՝ բոլոր մարդիկ՝ որ մեզի հետ ներկայ էք, կը տեսնէ՛ք ասիկա՝ որուն մասին Հրեաներուն ամբողջ բազմութիւնը գանգատեցաւ ինծի Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ, ու կը գոռային թէ “ա՛լ պէտք չէ որ ան ապրի”: 25Բայց ես ըմբռնեցի թէ ան մահուան արժանի ոչինչ ըրած է. եւ քանի որ ինք բողոքեց Օգոստափառ կայսր ին, որոշեցի որ ղրկեմ զայն: 26Անոր մասին ստոյգ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ներկայացուցի զայն ձեզի, եւ մա՛նաւանդ քեզի՛, Ագրիպպա՛ս թագաւոր, որպէսզի ունենամ գրելիք բան մը՝ հարցաքննելէ ետք. 27որովհետեւ ինծի անտրամաբանական կը թուի ղրկել բանտարկեալ մը՝ առանց նաեւ մատնանշելու անոր վրայ բարդուած յանցանքները»:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Acts 24
Top of Page
Top of Page