ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 24
Armenian (Western): NT
1Հինգ օր ետք, Անանիա քահանայապետը՝ երէցներուն եւ Տերտիւղոս անունով ճարտասանի մը հետ իջաւ, ու յայտնեցին կառավարիչին իրենց ամբաստանութիւնը՝ Պօղոսի դէմ: 2Երբ կանչեցին զայն, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել եւ ըսել. «Որովհետեւ խոր խաղաղութիւն կը վայելենք քու միջոցովդ, ու բարեբաստիկ կարգադրութիւններ եղած են այս ազգին՝ քու կանխամտածութեամբդ, 3ամէն ատեն եւ ամէն տեղ կ՚ընդունինք զանոնք ամբողջ շնորհակալութեամբ, պատուակա՛ն Փելիքս: 4Բայց որպէսզի ա՛լ աւելի չձանձրացնեմ քեզ, կ՚աղաչե՛մ, քու ներողամտութեամբդ մտի՛կ ըրէ մեզի. համառօտաբար պիտի խօսինք: 5Մենք գտանք թէ այս մարդը ժանտախտ մըն է. ապստամբութեան կը մղէ ամբողջ երկրագունդին բոլոր Հրեաները, ու պարագլուխն է Նազովրեցիներու աղանդին: 6Ան նոյնիսկ փորձեց տաճարը սրբապղծել. ուստի բռնեցինք զայն եւ ուզեցինք դատել մեր Օրէնքին համաձայն: 7Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ, մեծ բռնութեամբ առաւ զայն մեր ձեռքէն, 8ու հրամայեց զայն ամբաստանողներուն որ գան քեզի: Դուն ինքդ հարցաքննելով զինք՝ պիտի կարենաս գիտնալ այն բոլոր բաները, որոնց համար մենք կ՚ամբաստանենք զայն»: 9Հրեաներն ալ միաձայնեցան, հաւաստելով թէ այդ բաները ա՛յդպէս են:

10Երբ կառավարիչը նշան ըրաւ իրեն՝ որ խօսի, Պօղոս պատասխանեց. «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի սիրայօժարութեամբ կը ջատագովեմ զիս. 11որովհետեւ կրնա՛ս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէն աւելի չէ որ բարձրացայ Երուսաղէմ՝ երկրպագելու: 12Զիս երբե՛ք չգտան՝ ոեւէ մէկուն հետ վիճաբանելու կամ բազմութիւն մէկտեղելու ատեն, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ժողովարաններուն, 13ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա կ՚ամբաստանեն զիս: 14Բայց սա՛ կը դաւանիմ քու առջեւդ՝՝, թէ կը պաշտեմ իմ հայրերուս Աստուածը այն ճամբային համաձայն՝ որ իրենք կը կոչեն հերձուած, հաւատալով Օրէնքին ու Մարգարէներուն մէջ գրուած բոլոր բաներուն: 15Յոյս ունիմ Աստուծոյ վրայ, ինչպէս ասո՛նք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն: 16Ուստի այս բանին համար ես ճիգ կը թափեմ, որ ամէն ատեն ունենամ անսայթաք խղճմտանք մը՝ Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ: 17Ուրեմն ես՝ շատ տարիներ ետք՝ եկայ ողորմութիւններ բերելու իմ ազգիս, նաեւ ընծաներ: 18Այսպէս՝ քանի մը ասիացի Հրեաներ գտան զիս տաճարին մէջ՝ մաքրագործուած, առանց բազմութեան կամ աղմուկի. 19պէտք էր որ անո՛նք գային առջեւդ եւ ամբաստանէին, եթէ ունէին ինծի դէմ ըսելիք բան մը: 20Կամ թէ ասոնք՝ իրե՛նք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս՝ երբ կայնած էի ատեանին առջեւ: 21Թերեւս միայն սա՛ մէկ աղաղակս, որ բարձրացուցի երբ իրենց մէջ կայնած էի. «Մեռելներու յարութեա՛ն համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»:

22Փելիքս յետաձգեց անոնց հարցը, որովհետեւ ճշգրիտ տեղեկութիւն ունէր այդ ճամբային մասին, եւ ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս իջնէ, պիտի քննեմ ձեր գործը»: 23Ու հրամայեց հարիւրապետին որ պահէ զայն, բայց անդորրութիւն տայ եւ իրեններէն ո՛չ մէկը արգիլէ՝ սպասաւորելու անոր կամ երթալու անոր քով:

24Քանի մը օր ետք, Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ՝ որ Հրեայ էր, կանչեց Պօղոսը, եւ լսեց անկէ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքի մասին: 25Երբ ան կը խօսէր արդարութեան, ժուժկալութեան ու գալիք դատաստանին մասին, Փելիքս՝ ահաբեկած՝ պատասխանեց. «Գնա՛ հիմա, ու երբ ատեն ունենամ՝ կը կանչեմ քեզ»: 26Նաեւ յոյս ունէր որ Պօղոս իրեն դրամ տայ. ուստի յաճախ կը կանչէր զայն եւ կը խօսակցէր անոր հետ: 27Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի յաջորդեց Պորկիոս Փեստոս. Փելիքս ալ՝ ուզելով շնորհք ընել Հրեաներուն՝ կապուած ձգեց Պօղոսը:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Acts 23
Top of Page
Top of Page