ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐԻՆ 15
Armenian (Western): NT
1Ուստի մենք, որ զօրաւոր ենք, պարտաւոր ենք կրել տկարներուն տկարութիւնը, եւ ո՛չ թէ հաճեցնել մենք մեզ: 2Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող հաճեցնէ իր ընկերը՝ շինութեան համար, անոր բարիքին համար: 3Քանի որ Քրիստոս ալ չհաճեցուց ինքզինք, հապա՝ ինչպէս գրուած է. «Քեզ անարգողներուն նախատինքները ինկան իմ վրաս»: 4Որովհետեւ նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք, որպէսզի յոյս ունենանք՝ համբերութեամբ ու Գիրքերուն մխիթարութեամբ: 5Ուրեմն համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը թող շնորհէ ձեզի համախոհ ըլլալ իրարու հետ՝ Քրիստոս Յիսուսի համաձայն, 6որպէսզի միաբան ու միաբերան փառաբանէք Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը:

7Ուստի ընդունեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Քրիստոս ալ ընդունեց մեզ՝ Աստուծոյ փառքին համար: 8Արդարեւ կ՚ըսեմ թէ Յիսուս Քրիստոս սպասարկու եղաւ թլփատութեան՝ Աստուծոյ ճշմարտութեան համար, որպէսզի հաստատէ նախահայրերուն տրուած խոստումները

9եւ հեթանոսները Աստուած փառաբանեն՝ իր ողորմութեան համար, ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար պիտի ներբողեմ քեզ հեթանոսներուն մէջ, եւ սաղմոս պիտի երգեմ քու անունիդ»:

10Դարձեալ կ՚ըսէ. «Հեթանոսնե՛ր, ուրախացէ՛ք անոր ժողովուրդին հետ»:

11Եւ դարձեալ. «Գովաբանեցէ՛ք Տէրը, բոլո՛ր հեթանոսներ, ու գովեցէ՛ք զայն, բոլո՛ր ժողովուրդներ»:

12Դարձեալ Եսայի կ՚ըսէ. «Յեսսէի մէկ արմատը պիտի ըլլայ, եւ կանգնելով՝ հեթանոսներուն վրայ պիտի իշխէ. անո՛ր պիտի յուսան հեթանոսները»:

13Ուրեմն յոյսի Աստուածը թող լեցնէ ձեզ ամէն ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ՝ ձեր հաւատքին համեմատ, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ:

14Ես ինքս ալ համոզուած եմ ձեր մասին, ի՛մ եղբայրներս, թէ դո՛ւք ալ լի էք բարութեամբ, ամէն գիտութեամբ լեցուած, եւ կրնաք զիրար խրատել: 15Սակայն, եղբայրներ, կերպով մը աւելի՛ յանդգնութեամբ գրեցի ձեզի, իբր թէ յիշեցնելով ձեզի, Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքին պատճառով՝ 16որ Յիսուս Քրիստոսի պաշտօնեան ըլլամ հեթանոսներուն մէջ, Աստուծոյ աւետարանին քահանայութիւնը կատարելով, որպէսզի հեթանոսները ըլլան ընդունելի ընծայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբացած: 17Ուրեմն Քրիստոս Յիսուսի միջոցով պատճառ ունիմ պարծենալու Աստուծոյ վերաբերող բաներուն մէջ: 18Բայց չեմ յանդգնիր խօսիլ այն բաներէն որեւէ մէկուն մասին, որ Քրիստոս ինձմով գործադրած չէ հեթանոսները հնազանդեցնելու համար, խօսքով ու գործով, 19զօրաւոր նշաններով ու սքանչելիքներով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ. այնպէս որ, սկսելով Երուսաղէմէն եւ անոր շրջակայքէն՝ մինչեւ Իլլիւրիկում, լիովին քարոզեցի Քրիստոսի աւետարանը: 20Այսպէս, պատիւ համարեցի աւետարանել հո՛ն՝ ուր Քրիստոս քարոզուած չէր, որպէսզի ուրիշի մը դրած հիմին վրայ չկառուցանեմ, հապա՝ ինչպէս գրուած է.

21«Անոնք՝ որոնց չէր պատմուած անոր մասին՝ պիտի տեսնեն, եւ անոնք որ չէին լսած՝ պիտի հասկնան»:

22Ատոր համար ալ շատ անգամ արգիլուեցայ ձեզի գալէ: 23Իսկ հիմա, այս կողմերը այլեւս քարոզելու տեղ չունենալով, ու շատ տարիներէ ի վեր տենչալով ձեզի գալ, 24երբ դէպի Սպանիա ճամբորդեմ՝ կը յուսամ ճամբորդութեանս ընթացքին ձեզի հանդիպիլ, ու ձեզմէ ուղարկուած հոն երթալ, անշուշտ նախ ձեզմով մասամբ յագենալէ ետք: 25Իսկ հիմա Երուսաղէմ կ՚երթամ՝ սուրբերուն սպասարկելու: 26Որովհետեւ Մակեդոնացիներն ու Աքայիացիները բարեհաճեցան հաղորդակից ըլլալ Երուսաղէմ եղող աղքատ սուրբերու կարիքներուն: 27Իսկապէս բարեհաճեցան, եւ անոնց պարտական ալ են: Որովհետեւ եթէ հեթանոսները հաղորդակցեցան անոնց հոգեւոր բաներուն, պարտաւոր են նաեւ օգնել անոնց՝ մարմնաւոր բաներուն մէջ: 28Ուրեմն երբ կատարեմ ասիկա եւ կնքեմ անոնց այս պտուղը, Սպանիա պիտի երթամ ձեր քովէն անցնելով: 29Եւ գիտեմ թէ երբ գամ ձեզի՝ պիտի գամ Քրիստոսի աւետարանին օրհնութեան լիութեամբ:

30Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրով, որ պայքարիք ինծի հետ ձեր աղօթքներուն մէջ՝ որոնք Աստուծոյ ուղղուած են ինծի համար, 31որպէսզի ազատիմ Հրէաստանի անհնազանդներէն, եւ սուրբերէն ընդունուի Երուսաղէմի մէջ ընելիք իմ սպասարկութիւնս, 32ու ես ուրախութեամբ գամ ձեզի Աստուծոյ կամքով, եւ հանգստանամ ձեզի հետ: 33Խաղաղութեան Աստուածը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Romans 14
Top of Page
Top of Page